Սաղմոսներ

132

Աղօթք մը տաճարին համար

Աստիճաններուն երգը

1Դաւիթի համար յիշէ, ով Տէր, Անոր բոլոր նեղութիւնը. 2Որ ըրաւ Տէրոջը, Եւ ուխտ դրաւ Յակոբի Զօրաւորին, 3Ըսելով թէ Իմ տանս բնակարանը չմտնեմ, Ու իմ փռած անկողինիս վրայ չելլեմ, 4Թէ իմ աչքերուս ` Եւ արտևանունքներուս նիրհում չտամ, 5Մինչև Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմ, Ու Յակոբի Զօրաւորին համար բնակարան: 6Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջ, Եւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ: 7Մտնենք անոր բնակարանները, Ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով: 8Քու հանգստութեանդ տեղը ելիր, ով Տէր, Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը: 9Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին, Եւ քու սուրբերդ ցնծան: 10Քու ծառայիդ համար Անդին մի դարձներ քու օծեալիդ երեսը: 11Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթի ճշմարտութեամբ, Ու ետ չդառնար անկէ, Թէ Քու որովայնիդ պտուղէն Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ: 12Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս Զորոնք անոնց պիտի սովորեցնեմ, Այն ատեն անոնց որդիներն ալ Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան: 13Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց, Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց, 14Ըսելով, Այս է յաւիտեան իմ հանգիստս. Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի: 15Անոր պաշարը առատաբար պիտի օրհնեմ, Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ, 16Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ. Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան: 17Այն տեղը Դաւիթի եղջիւր պիտի բուսցնեմ, Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար: 18Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ, Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)