Սաղմոսներ
133
Եղբայրական սէրը փառքի մէջ
Դաւիթի աստիճաններուն երգը
1Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին: 2Այն ազնիւ իւղին պէս է, Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնի մօրուքին վրայ, վազեց, Ու մինչև անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ: 3Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է. Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը Ու կեանքը մինչև յաւիտեան:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981