Սաղմոսներ
134
Աստուած փառաւորելու կոչ մը
Աստիճաններուն երգը
1Աղէ, օրհնեցէք Տէրը, ով Տէրոջը բոլոր ծառաները, Որ Տէրոջը տունը կը կենաք գիշերները: 2Սուրբ տեղը ձեռքերնիդ վերցուցէք, Ու օրհնեցէք Տէրը: 3Երկինքը ու երկիրը ստեղծող Տէրը Թող օրհնէ քեզ Սիօնէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981