Սաղմոսներ
135
Փառաբանութան երգ մը
1Ալէլուիա: Օրհնեցէք Տէրոջը անունը, Օրհնեցէք, ով Տէրոջը ծառաները, 2Որ Տէրոջը տունը կը կենաք, Մեր Աստուծոյն տանը սրահներուն մէջ: 3Օրհնեցէք Տէրը, վասն զի Տէրը բարի է. Սաղմոս ըսէք անոր անուանը, վասն զի քաղցր է: 4Վասն զի Տէրը իրեն համար ընտրեց Յակոբը, Ու Իսրայէլը իրեն սեպհական ժողովուրդ ըլլալու: 5Վասն զի ես իմացայ, որ Եհովա մեծ է, Ու մեր Տէրը` բոլոր աստուածներէն: 6Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց` ըրաւ, Երկինքի ու երկրի մէջ, Ծովերուն ու բոլոր անդունդներուն մէջ: 7Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ, Անձրևի համար փայլակներ կը շինէ, Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն: 8Անիկա Եգիպտոսի առջինեկները զարկաւ Մարդէ մինչև անասուն. 9Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ով Եգիպտոս, Փարաւոնի ու անոր բոլոր ծառաներուն վրայ: 10Շատ ազգեր զարկաւ, Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննեց. 11Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորը, Բասանի Ովգ թագաւորը, Եւ Քանանու բոլոր թագաւորութիւնները. 12Ու անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուաւ, Իր Իսրայէլ ժողովուրդին ժառանգութիւն: 13Ով Տէր, քու անունդ մինչև յաւիտեան կը մնայ. Ով Տէր, քու յիշատակդ ազգէ մինչև ազգ: 14Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը դատէ, Եւ իր ծառաներուն կ’ողորմի: 15Հեթանոսներուն կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, Մարդու ձեռքի գործեր են. 16Բերան ունին, բայց չեն խօսիր. Աչքեր ունին, բայց չեն տեսներ. 17Ականջներ ունին, բայց չեն լսեր, Ու շունչ չկայ անոնց բերնին մէջ: 18Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները Ու բոլոր անոնց յուսացողները: 19Ով Իսրայէլի տունը, օրհնեցէք Տէրը․ Ով Ահարոնի տունը, օրհնեցէք Տէրը. 20Ով Ղևիի տունը, օրհնեցէք Տէրը. Ով Տէրոջմէն վախցողներ, օրհնեցէք Տէրը: 21Օրհնեալ ըլլայ Տէրը Սիօնէ, Որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակի: Ալէլուիա: