Սաղմոսներ

136

Աղօթք մը շնօրհակալութեան

1Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի է. Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 2Գոհացէք աստուածներուն Աստուծմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 3Գոհացէք տէրերուն Տէրոջմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 4Մինակ մեծ հրաշքներ ընողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 5Երկինքը իմաստութեամբ ստեղծողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 6Երկիրը ջուրերուն վրայ տարածողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 7Մեծամեծ լուսաւորներ ստեղծողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 8Արեգակը` որպէս զի ցորեկին իշխէ, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 9Լուսինը ու աստղերը` որպէս զի գիշերին իշխեն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 10Եգիպտացւոց անդրանիկները* զարնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 11Ու Իսրայէլը անոնց մէջէն հանողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 12Հզօր ձեռքով ու տարածուած բազուկով, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 13Կարմիր ծովը երկուքի բաժնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 14Ու Իսրայէլը անոր մէջէն անցնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 15Եւ Փարաւոնը ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ թօթվողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 16Իր ժողովուրդը անապատին մէջ պտըտցնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 17Մեծ թագաւորներ զարնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 18Ու զօրեղ թագաւորներ սպանողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 19Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորը, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 20Ու Բասանի Ովգ թագաւորը, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 21Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 22Իր ծառային ժառանգութիւն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 23Մեր խոնարհութեանը մէջ մեզ յիշողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 24Ու մեր թշնամիներէն մեզ փրկողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 25Բոլոր մարմինի տուողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 26Գոհացէք երկինքի Աստուծմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)