Սաղմոսներ
138
Աղօթք մը շնորհակալութեան համար
Սաղմոս Դաւթի
1Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովս. Աստուածներուն առջև քեզի սաղմոս պիտի երգեմ: 2Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպ ի քու սուրբ տաճարդ, Եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար. Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ: 3Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծի, Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր: 4Ով Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն, Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն. 5Ու Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն. Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է: 6Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ, Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ: 7Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ, Դուն զիս պիտի կենդանացնես. Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես, Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ: 8Տէրը պիտի գործէ ինծի համար. Ով Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտեան է. Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի ձգեր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981