Սաղմոսներ
139
Աստուծոյ կատարեալ գիտութիւնը և հոգածութիւնը
Գլխաւոր երաժշտին. Սաղմոս Դաւթի
1Ով Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար: 2Դուն գիտես իմ նստելս ու ելլելս, Իմ խորհուրդս հեռուանց կ’իմանաս: 3Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես, Ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես: 4Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, Ահա, ով Տէր, դուն ամէնը գիտես: 5Իմ ետևէս ու առջևէս զիս պաշարեցիր, Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր: 6Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է, Բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա: 7Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ, Եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ: 8Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես. Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես. 9Եթէ արշալոյսին թևերը առնեմ, Եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ, 10Հոն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ, Ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ: 11Եթէ ըսեմ, Իրաւցընէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ, Այն ատէն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ բոլորտիքս: 12Մութն ալ քեզի խաւար չէ. Հապա գիշերը ցերեկի պէս լուսաւոր կ’ըլլայ. Խաւարը և լոյսը միևնոյն բան են քու առջևդ: 13Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս, Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դուն զիս ծածկեցիր: 14Կը գոհանամ քեզմէ, Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ. Քու գործերդ զարմանալի են, Ու իմ անձս աղէկ գիտէ: 15Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ. Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ*: 16Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան. Ու անդամներուս բոլորը քու գիրքիդ մէջ գրուած էին, Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, Երբ դեռ անոնցմէ մէ°կը չկար: 17Ո՜րչափ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ , ով Աստուած. Ո՜րչափ մեծ է անոնց թիւը: 18Եթէ համրեմ զանոնք` ավազէն շատ են. Երբ արթննամ` դեռ քեզի հետ եմ: 19Իրաւցընէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ով Աստուած. Ուրեմն, ով արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէք ինծմէ: 20Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսին, Եւ քու թշնամիներդ քու անուանդ պարապ տեղ կ’առնեն*: 21Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ով Տէր, Ու քեզի դէմ ելլողներէն չե՞մ զզուիր: 22Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ, Եւ ինծի թշնամի կը համարիմ: 23Փորձէ զիս, ով Աստուած, ու գիտցիր իմ սիրտս. Զիս քննէ ու գիտցիր իմ մտածմունքներս, 24Եւ նայէ թէ արդեօք չար ճամբու մէ°ջ եմ, Եւ զիս դէպ ի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981