Սաղմոսներ
14
Մարդոց անօգնականութիւնը
Գլխաւոր երաժշտին. Սաղմոս Դաւթի։
1Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ Աստուած չկայ․ Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին․ Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։ 2Տէրը երկինքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը Որ զԱստուած փնտռէ։ 3Ամէնը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան․ Աղէկութիւն ընող մը չկայ, մէկ ալ չկայ։ 4Միթէ չե՞ն ճանչնար ամէն անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն, Ու Տէրոջը չեն կանչեր․ 5Այն ատեն շատ վախցան․ Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։ 6Աղքատին խորհուրդը ամօթով ըրիք, Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։ 7Երանի՜ թէ Սիօնէ գար Իսրայէլի փրկութիւնը․ Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ, ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981