Սաղմոսներ
140
Աղօթք մը ապահովութեան համար
Գլխաւոր երաժշտին. Սաղմոս Դաւթի
1Ով Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ, Ու բռնաւոր մարդէն զիս պահէ, 2Որոնք սրտերնուն մէջ չար բաներ կը մտածեն, Ու ամէն օր կռիւներու համար կը ժողվուին: 3Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին. Իժի թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ: (Սէլա): 4Ով Տէր, զիս ամբարշտին ձեռքէն պահէ. Զիս բռնաւոր մարդէն պահպանէ, Որոնք իմ գնացքներս խափանելու խորհուրդ ըրին: 5Ամբարտաւանները ինծի համար գաղտնի որոգայթ ու չուաններ լարեցին. Ուռկան փռեցին իմ ճամբուս վրայ. Վարմեր դրին ինծի համար: (Սէլա): 6Ըսի Տէրոջը, Դուն ես իմ Աստուածս. Ով Տէր, լսէ իմ աղաչանքիս ձայնը: 7Ով Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը, Դուն իմ գլխուս հովանի եղար պատերազմին օրը: 8Ով Տէր, ամբարշտին ցանկութիւնները մի տար. Անոր չար խորհուրդը մի յաջողեր, Որ չըլլայ թէ բարձրանան: (Սէլա): 9Զիս պաշարողներուն գլուխը Իրենց շրթունքներուն աշխատութիւնը պիտի ծածկէ: 10Վառած ածուխներ պիտի իյնան անոնց վրայ. Կրակի մէջ պիտի ձգէ զանոնք, Ու խորունկ ջուրերու մէջ, որպէս զի բնաւ վեր չելլեն: 11Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի. Թշուառութիւնը պիտի որսայ բռնաւոր մարդը, Որպէս զի զանիկա կործանէ: 12Գիտեմ որ Տէրը դատաստան պիտի ընէ խեղճին, Ու իրաւունք` աղքատներուն: 13Յիրաւի արդարները քու անունդ պիտի գովեն. Ուղիղները քու առջևդ պիտի բնակին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981