Սաղմոսներ

141

Իրիկուան աղօթք մը

Սաղմոս Դաւթի

1Ով Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի. Ականջ դիր իմ ձայնիս երբ քեզի կը կանչեմ: 2Թող իմ աղօթքս խունկի պէս քեզի շիտկուի, Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը` իրիկուան պատարագին պէս: 3Ով Տէր, պահապան դիր իմ բերնիս, Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ: 4Իմ սիրտս չար բանի ետևէ խոտորելու մի թողուր, Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ, Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ: 5Արդարը թող զիս զարնէ, այն ողորմութիւն է. Եւ զիս յանդիմանէ, այն գլխու իւղ է. Իմ գլուխս չմերժէ զանիկա. Վասն զի անոնց նեղութիւններուն մէջ ալ պիտի աղօթեմ: 6Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին, Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են: 7Ինչպէս հերկողը ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ, Այնպէս մեր ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան. 8Սակայն, ով Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպ ի քեզ են. Քեզի յուսացայ, իմ հոգիս մի մերկացներ: 9Ինծի համար լարուած որոգայթէն, Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ: 10Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան, Երբ ես բոլորովին անցնիմ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981