Սաղմոսներ

142

Աղօթք մը օգնութեան համար

Դաւիթի երգը ու աղօթքը` երբ ինք այրին մէջ էր։

1Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ. Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ: 2Իմ գանգատս անոր առջև կը թափեմ Իմ նեղութիւնս անոր առջև կը պատմեմ: 3Երբ հոգիս իմ մէջս կը մարէր, Դուն իմ շաւիղս գիտցար. Իմ քալած ճամբուս մէջ Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին: 4Նայէ աջ կողմը ու տես, Որ բնաւ զիս ճանչցող մը չկայ. Ապաւէնը ինծմէ կորսուեցաւ. Բնաւ մէկը չկայ որ իմ անձիս համար հոգ ընէ: 5Ով Տէր, քեզի աղաղակեցի, Ու ըսի, Դուն ես իմ ապաւէնս, Եւ իմ վիճակս կենդանիներուն երկրին մէջ: 6Ականջ դիր իմ աղաղակիս, Վասն զի շատ նուաստացայ. Ազատէ զիս իմ հալածիչներէս, Վասն զի ինծմէ զօրաւոր են: 7Իմ անձս բանտէն հանէ, Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ, Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն, Երբ ինծի բարութիւն ընես:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)