Սաղմոսներ
143
Աղօթք մը օգնութան համար
Սաղմոս Դաւթի
1Ով Տէր, լսէ իմ աղօթքս, Ականջ դիր իմ աղաչանքիս. Պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ Ու քու արդարութիւնովդ: 2Եւ քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի մտներ, Վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջևդ: 3Վասն զի թշնամին իմ անձս հալածեց, Իմ կեանքս գետինը զարկաւ, Զիս շատոնցուընէ մեռածներուն պէս Մութը նստեցուց: 4Եւ իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ, Իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ: 5Առաջուան օրերը կը յիշեմ, Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ. Քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ: 6Ձեռքերս դէպի քեզ կ’երկնցնեմ. Իմ անձս չոր երկրի պէս քեզի կը ծարաւի: (Սէլա:) 7Շուտով պատասխան տուր ինծի, ով Տէր. Իմ հոգիս մարեցաւ. Քու երեսդ մի ծածկեր ինծմէ, Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ: 8Առտուանց քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, Վասն զի քեզի յուսացայ. Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր, Վասն զի իմ անձս դէպ ի քեզ վերցուցի: 9Ով Տէր, փրկէ զիս իմ թշնամիներէս, Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի: 10Սորվեցուր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, Քանզի դուն ես իմ Աստուածս. Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ: 11Ով Տէր, քու անուանդ համար կենդանացուր զիս. Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ. 12Եւ քու ողորմութիւնովդ սատկեցուր իմ թշնամիներս, Ու կորսնցուր բոլոր իմ անձս վշտացնողները, Վասն զի ես քու ծառադ եմ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981