Սաղմոսներ

144

Շնորհակալութիւն յաղթանակի համար

Սաղմոս Դաւթի

1Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս, Որ իմ ձեռքերս մարտնչելու կը վարժէ, Ու իմ մատերս` պատերազմելու: 2Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս, Իմ ապաւէնս ու իմ փրկիչս, Իմ վահանս, և ես անոր կը յուսամ, Որ իմ ժողովուրդս ինծի կը հնազանդեցնէ: 3Ով Տէր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը ճանչնաս, Ու մարդու որդին` որ զանիկա կը յարգես: 4Մարդը ունայնութեան պէս է, Անոր օրերը անցնող շուքի պէս են: 5Ով Տէր, խոնարհեցուր քու երկինքդ ու վար իջիր. Լեռներուն դպչէ ու պիտի մխան: 6Փայլակը նետէ ու ցրուէ զանոնք. Քու նետերդ ղրկէ ու զանոնք խռովեցուր: 7Քու ձեռքդ վերէն ղրկէ և ազատէ զիս. Փրկէ զիս մեծ ջուրերէն ու օտարներուն ձեռքէն, 8Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի, Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռք է: 9Ով , քեզի նոր երգ պիտի երգեմ, Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի: 10Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը, Ու իր ծառան չար սուրէն ազատողը ան է: 11Զիս ազատէ ու օտարններուն ձեռքէն փրկէ, Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի. Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռք է: 12Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան, Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան. 13Որպէս զի մեր ամբարները լեցուին, Եւ ամէն տեսակ կերակուրներ բղխեն, Ու մեր ոչխարները հազարաւոր և բիւրաւոր ծնանին մեր արտերուն մէջ. 14Որպէս զի մեր արջառները բազմածին ըլլան, Ու ամենևին բռնութեամբ մտնել ու ելլել չըլլայ, Ոչ ալ աղաղակ` մեր հրապարակներուն մէջ: 15Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին. Երանի՜ այն ժողովուրդին` որուն Աստուածը Եհովա է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)