Սաղմոսներ

145

Փառաբանութան երգ մը

Օրհնութիւն Դաւթի

1Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ով իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես, Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ: 2Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ, Եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ: 3Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը, Ու անոր մեծութիւնը անքննելի է: 4Ազգ ազգի պիտի գովէ քու գործերդ, Եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ: 5Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը Ու քու հրաշալի գործերդ պիտի զրուցեմ: 6Եւ քու ահաւոր գործերդ պիտի խօսին, Ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ: 7Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն, Եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան: 8Ողորմած ու գթած է Տէրը, Երկայնամիտ ու բազումողորմ է: 9Տէրը ամէնուն է, Ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են: 10Ով Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն, Եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն: 11Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի խօսին, Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն. 12Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը Մարդոց որդիներուն գիտցնեն: 13Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է, Ու քու տէրութիւնդ` ազգէ մինչև ազգ: 14Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները, Եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ: 15Ամէնուն աչքերը քեզի կը սպասեն, Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն անոնց կու տաս: 16Քու ձեռքդ կը բանաս, Ու ամէն կենդանիին փափաքը կը լեցնես: 17Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ, Ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ: 18Տէրը մօտ է այն ամէնուն որ զինք կը կանչեն, Այն ամէնուն` որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն: 19Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ, Եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք: 20Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսընցնէ: 21Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի խօսի Ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981