Սաղմոսներ

146

Փրկիչ Աստուծոյ փառքը

1Ալէլուիա: Օրհնէ Տէրը, ով իմ անձս: 2Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ, Քանի որ ողջ եմ` իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ: 3Մի յուսաք իշխաններուն, Մարդու որդիին` որուն քով փրկութիւն չկայ: 4Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ. Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին: 5Երանի՜ անոր` որուն օգնականը Յակոբի Աստուածն է, Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է. 6Որ երկինքը ու երկիրը, Ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածը ստեղծեց, Ճշմարտութիւն կը պահէ յաւիտեան, 7 կ’ընէ զրկուածներուն, Ու կու տայ անօթիներուն. Տէրը կ’արձակէ կապուածները. 8Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը. Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները. Տէրը կը սիրէ արդարները. 9Տէրը կը պահէ պանդուխտները. Կը հաստատէ որբը ու որբևարին, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ: 10Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան, Քու Աստուածդ, ով , ազգէ մինչև ազգ: Ալէլուիա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981