Սաղմոսներ

149

Փառաբանութան երգ մը

1Ալէլուիա: Տէրոջը նոր երգ երգեցէք, Ու անոր օրհնութիւնը` սուրբերուն ժողովքին մէջ: 2 թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ. Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ: 3Թող անոր անունը պարով օրհնեն, Թմբուկով ու քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր: 4Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդին կը հաւնի, Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ: 5Թող սուրբերը ուրախանան փառքով, Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան: 6Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան, Ու երկու բերնով սուր` անոնց ձեռքին մէջ, 7Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն, Ու ժողովուրդները պատժեն: 8Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն, Ու անոնց ազնուականները` երկաթէ կապանքներով, 9Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն: Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է: Ալէլուիա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981