Սաղմոսներ

15

Տէրը ի՞նչ կը պահանջէ

Սաղմոս Դաւթի

1Տէր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լեռանդ վրայ։ 2Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ, ու արդարութիւն կը գործէ, Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտին մէջ։ 3Ան որ լեզուովը չզրպարտեր։ Ընկերին չարութիւն չըներ, Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չդներ․ 4Որուն առջև անարգուած է չարագործը, Բայց աստուածավախները կը պատուէ․ կ’ընէ իր վնասին՝ ու չդառնար․ 5Իր արծաթը վարձքով չտար, Ու անմեղին դէմ կաշառք չառներ։ Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981