Սաղմոսներ
16
Վստահութեան աղօթք մը
Երգ Դաւթի
1Ով Աստուած, զիս պահէ, Վասն զի քեզի յուսացայ։ 2Տէրոջը ըսի, Իմ Տէրս դուն ես, Առանց քեզի բարիք մը չունիմ։ 3Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն՝ Անոնց վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս։ 4Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշի մը կ’արտորան․ Անոնց արիւնի նուէրները պիտի չնուիրեմ, Ու անոնց անունները շրթունքներուս վրայ պիտի չառնեմ։ 5Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը․ Իմ վիճակս դուն պիտի պահես։ 6Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ, Իրաւ իմ ժառանգութիւնս ինծի գեղեցիկ եղաւ։ 7Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց․ Նաև իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն։ 8Ամէն ատեն Տէրը իմ առջևս դրի․ Որովհետև իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։ 9Ասոր համար սիրտս ուրախ եղաւ ու փառքս բերկրեցաւ, Ու մարմինս ալ յուսով պիտի հանգստանայ։ 10Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս, Ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։ 11Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես․ Երեսիդ առջև լեցուն ուրախութիւն կայ Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981