Սաղմոսներ

17

Անմեղի մը աղօթքը

Աղօթք Դաւթի

1Ով Տէր, լսէ արդարութիւնը, Մտիկ ըրէ իմ աղաղակս, Ականջ դիր աղօթքիս, Որ խաբեբայ շրթունքներով չէ։ 2Իմ դատաստանս քու երեսէդ թող ելլէ, Քու աչքերդ ուղղութիւնը թող տեսնեն։ 3Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր Զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար․ Միտքս դրի որ բերանս պատուիրանազանց չըլլայ։ 4Մարդոց գործերուն նայելով՝ Քու շրթունքներուդ խօսքերովը ես բռնաւորին ճամբաներէն զգուշացայ։ 5Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ, Որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին։ 6Ես քեզի կանչեցի, վասն զի ինծի պատասխան պիտի տաս, ով ․ Խոնարհեցուր ինծի քու ականջդ, լսէ իմ խօսքս։ 7Սքանչելի կերպով քու ողորմութիւններդ ցուցուր, Դուն որ քեզի յուսացողները աջ ձեռքովդ կ’ազատես Հակառակ կեցողներէն։ 8Աչքի բիբի պէս զիս պահէ, Թևերուդ հովանաւորութեանը տակ զիս ծածկէ 9Ինծի տառապանք տուող ամբարիշտներուն երեսէն։ Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին։ 10Իրենց պարարտութիւնովը ծածկուեցան, Իրենց բերնովը ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։ 11Հիմա քայլերնուս չորս կողմը պատելով՝ Աչքերնին մեր վրայ տնկեցին գետինը զարնելու համար, 12Առիւծի պէս որ կը փափաքի գիշատել, Առիւծի կորիւնի պէս որ դարանակալ կ’ըլլայ։ 13Ելիր, ով Տէր, անոր առջև ինծի օգնութեան հասիր, Զանիկա գետինը զարկ, Քու սրովդ փրկէ իմ անձս ամբարիշտներէն, 14Քու ձեռքովդ մարդոցմէն, ով Տէր, Աշխարհի մարդոցմէն՝ որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է, Ու անոնց փորերը շտեմարաններէդ կը լեցնես․ Անոնց որդիներն ալ կը կշտանան, Ու իրենցմէ աւելցածը իրենց տղոցը կը թողուն։ 15Իսկ ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ․ Երբ արթննամ քու դէմքէդ պիտի կշտանամ։ Գլխաւոր երաժշտին․ Տէրոջը ծառային Դաւթի Սաղմոսը, որ ըսաւ Տէրոջը այս երգին խօսքերը այն օրը որ Տէրը ազատեց զանիկա իր ամէն թշնամիներուն ձեռքէն, եւ Սաւուղի ձեռքէն ու ըսաւ,

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981