Սաղմոսներ

18

Դաւիթին յաղթութեան երգը

1Ով Տէր, իմ զօրութիւնս, քեզ պիտի սիրեմ։ 2Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ, Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը Ու իմ բարձր աշտարակս է։ 3Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ, Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։ 4Մահուան լարերը իմ բոլորտիքս առին, Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։ 5Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին, Ու մահուան որոգայթները իմ առջևս առին։ 6Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի, Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի․ Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց, Ու իմ աղաղակս անոր առջև՝ անոր ականջը հասաւ։ 7Այն ատեն սասանեցաւ ու դողաց, Ու լեռներուն հիմերը շարժեցան ու սասանեցան, Քանզի Անիկա բարկացաւ։ 8Անոր քիթէն ծուխ ելաւ, Ու բերնէն մաշող կրակ․ Անկէ կայծակներ բռնկեցան։ 9Եւ անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ, Եւ անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։ 10Ու քերովբէի մը վրայ ելաւ ու թռաւ, Ու հովին թևերուն վրայ սլացաւ։ 11Խաւարը իրեն ծածկոյթ դրաւ, Ու իր բոլորտիքը իրեն բնակարան․ Թանձր ջուրերը ու երկինքի ամպերը ըրաւ։ 12Անոր առջև եղող պայծառութենէն անոր ամպերը անցան Կարկուտով ու կրակի կայծակներով․ 13Ու Տէրը երկինքին մէջ որոտաց, Եւ Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։ 14Եւ իր նետերը ղրկեց ու զանոնք ցրուեց, Եւ շատ կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։ 15Եւ քու յանդիմանութիւնովդ, ով Տէր, Քու բարկութեանդ հովին փչելովը Ջուրերուն յատակները երևցան, Ու աշխարհի հիմերը յայտնուեցան։ 16Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեց, Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։ 17Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս․ Վասն զի ինծմէ զօրաւոր էին։ 18Իմ նեղութեանս օրը իմ առջևս առին, Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ, 19Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց, Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։ 20Տէրը իմ արդարութեանս պէս ինծի փոխարէն կու տայ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի․ 21Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի, Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։ 22Քանզի անոր ամէն դատաստանները իմ առջևս էին, Ու անոր օրէնքները ինծմէ չհեռացուցի։ 23Նաև անոր առջև կատարեալ եղայ, Ու իմ անօրենութենէս զգուշացայ։ 24Եւ Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ՝ որ անոր աչքերուն առջև է։ 25Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս, Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս. 26Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս, Ու ծուռին հետ կը ծռիս։ 27Վասն զի դուն վշտացած ժողովուրդը կ’ազատես, Ու ամբարտաւան աչքերը կը ցածցնես։ 28Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես․ Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։ 29Վասն զի քեզմով գունդի մը վրայ կը վազեմ, Ու իմ Աստուծովս պարիսպէ կ’անցնիմ։ 30Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է․ Տէրոջը խօսքերը փորձուած են․ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։ 31Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է , Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։ 32Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ, Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։ 33Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ, Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։ 34Ձեռքերս պատերազմի կը վարժէ, Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն։ 35Ինծի նաև քու փրկութեանդ ասպարը տուիր․ Եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց, Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։ 36Իմ քալելու ճամբաս ներքևս լայնցուցիր, Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։ 37Իմ թշնամիներս հալածեցի ու անոնց հասայ, Ու ետ չդարձայ՝ մինչև որ զանոնք հատցուցի․ 38Զանոնք գետինը զարկի, ու կանգնելու կարող չեղան․ Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։ 39Ու պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր, Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։ 40Ու իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր*, Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։ 41Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար․ Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։ 42Ու զանոնք հովին առջևէն մղուած փոշիի պէս մանրեցի, Եւ փողոցներուն ցեխին պէս մէկդի ձգեցի զանոնք։ 43Ժողովուրդին կռիւներէն զիս ազատեցիր, Ու զիս ազգերու գլուխ ըրիր․ Իմ չգիտցած ժողովուրդս ինծի ծառայեց։ 44Իրենց ականջներովը լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան, Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին։ 45Օտարները տկարացան, Եւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։ 46Տէրը կենդանի է, ու իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ, Եւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։ 47Աստուած է որ իմ վրէժս կը խնդրէ, Ու ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։ 48Իմ թշնամիներէս զիս կը փրկէ․ Նաև զիս իմ վրաս ելլողներէն աւելի բարձրացուցիր, Ու բռնաւոր մարդէն զիս ազատեցիր։ 49Անոր համար, ով Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ, Եւ քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։ 50Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը, Ու իր օծեալին, Դաւիթի, ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը Ան է։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981