Սաղմոսներ
19
Աստուծոյ փառքը ստեղծագործութեան մէջ
Գլխաւոր երաժշտին․ Սաղմոս Դաւթի․
1Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, Ու երկինքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։ 2Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը, Ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը։ 3Չկայ զրոյց ու չկան խօսքեր․ Անոնց ձայնը չլսուիր։ 4Բայց ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը, Ու մինչև աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը։ Անոնց մէջ արևին համար վրան մը կանգնեց․ 5Ու անիկա իր առագաստէն ելած փեսայի պէս է, Հզօր մարդու պէս իր ճամբան վազելով կ’ուրախանայ։ 6Անոր ելքը երկինքի ծայրէն է, Ու անոր շրջանը մինչև անոնց ծայրերը, Եւ անոր տաքութենէն բան մը չծածկուիր։
Տէրոջը օրէնքը
7Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ․ Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։ 8Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն․ Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան։ 9Տէրոջը վախը սուրբ է, յաւիտեան կը մնայ․ Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են։ 10Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն․ Մեղրէն անոյշ են, ու խորիսխէ կաթած մեղրէն։ 11Նաև քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի, Ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է։ 12Ո՞վ կրնայ միտք առնել իր յանցանքները, Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ․ 13Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ․ Թող անոնք ինծի չտիրեն․ Այն ատեն անմեղ կ’ըլլամ, Ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ։ 14Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը Քու առջևդ ընդունելի ըլլան, Ով Տէր, իմ վէմս ու փրկիչս։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981