Սաղմոսներ
2
Աստուծոյ ընտրած թագաւորը
1Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընեն, Ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն, 2Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն, Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ, 3Ըսելով, Կոտրենք անոնց կապերը, Ու մեզմէ ձգենք անոնց լուծը։ 4Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի, Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։ 5Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց, Եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով, 6Ես օծեցի իմ թագաւորս Իմ սուրբ լեռանս, Սիօնի, վրայ։ 7Հրամանը պիտի պատմեմ. Տէրը ինծի ըսաւ, Դուն իմ Որդիս ես, Ես այսօր քեզ ծնայ․ 8Խնդրէ ինծմէ, ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ, Ու երկրի ծայրերը՝ քեզի ստացուածք․ 9Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք։ 10Ուստի հիմա, ով թագաւորներ, միտքերնիդ առէք, Երկրի դատաւորներ, խրատուեցէք։ 11Երկիւղով Տէրոջը ծառայեցէք, Ու դողալով անկէ վախցէք։ 12Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ, Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜այն ամէնուն որոնք անոր կը յուսան։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981