Սաղմոսներ

20

Աղօթք մը յաղթանակի համար

Գլխաւոր երաժշտին: Սաղմոս Դաւթի:

1Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի, Յակոբի Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ. 2Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն, Ու Սիօնէ զօրացնէ քեզ. 3Քու ամէն ընծաներդ յիշէ, Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի. (Սէլա:) 4Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ, Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։ 5Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք, Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակ վերցնենք։ Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։ 6Հիմա գիտցայ որ Տէրը կը պահէ իր օծեալը, Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկինքէն՝ Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։ 7Ոմանք կառքերու, և ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին, Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։ 8Անոնք կորացան ու ինկան, Բայց մենք ելանք ու շիտակ կայնեցանք։ 9Ով Տէր, փրկէ թագաւորը, Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981