Սաղմոսներ

21

Փառք յաղթանակի համար

Գլխաւոր երաժշտին: Սաղմոս Դաւթի:

1Ով Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ, Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։ 2Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր, Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։) 3Վասն զի բարութեան օրհնութիւններով անոր հասար. Անոր գլուխը մաքուր ոսկիէ դրիր։ 4Քեզմէ կեանք խնդրեց, Ու անոր երկայն օրեր տուիր յաւիտեանս յաւիտենից։ 5Անոր փառքը մեծ է քու փրկութիւնովդ. ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։ 6Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան. Ուրախութեամբ ուրախ ըրիր զանիկա քու երեսիդ առջև։ 7Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ, Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։ 8Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու ամէն թշնամիներդ․ Քու աջ ձեռքեդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։ 9Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը, Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ զանոնք, Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։ 10Անոնց պտուղը երկրէ պիտի կորսնցնես, Ու անոնց սերունդը մարդոց որդիներէն։ 11Վասն զի քեզի դէմ չարութիւն պատրաստեցին․ Նենգութեան խորհուրդ ըրին, բայց կարող չեղան կատարել։ 12Վասն զի դուն անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես։ Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերուդ վրայ պիտի պատրաստես։ 13Ով Տէր, քու ուժովդ բարձր եղիր, Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981