Սաղմոսներ
23
Տէրը մեր հովիւը
Սաղմոս Դաւթի
1Տէրը իմ հովիւս է․ Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ 2Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ․ Հանդարտ ջուրերուն քով ինծի կ’առաջնորդէ․ 3Հոգիս կը նորոգէ․ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներուն մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։ 4Թէև մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես․ Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։ 5Սեղան կը պատրաստես իմ առջևս իմ թշնամիներուս դիմաց․ Իմ գլուխս իւղով կ’օծես, Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։ 6Յիրաւի բարերարութիւնը ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ, Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981