Սաղմոսներ

24

Մեծ թագաւորը

Սաղմոս Դաւթի

1Տէրոջն է ու անոր լիութիւնը, ու անոր բնակիչները։ 2Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեց, Ու զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։ 3Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը, Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։ 4Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը, Որ ստութեան անձնատուր չեղաւ, Ու նենգութեամբ չըրաւ․ 5Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ, Ու իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։ 6Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է․ Քու երեսդ խնդրողները Յակոբն է։ (Սէլա։) 7Ով դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք․ Ու վերցուեցէք, ով յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։ 8Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը․ Կարող ու հզօր Տէրը, Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։ 9Ով դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք․ Ու վերցուեցէք, ով յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ․ 10Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը․ Զօրքերուն Տէրը, Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981