Սաղմոսներ

25

Աղօթք մը առաջնորդութեան և ապահովութեան համար

Սաղմոս Դաւթի

1Ով Տէր, իմ անձս քեզի վերցուցի։ 2Ով իմ Աստուածս, քեզի յուսացայ․ թող չամչնամ, Ու թշնամիներս իմ վրաս չցնծան։ 3Նաև ամէն քեզի սպասողները թող չամչնան․ Ունայնութեամբ անօրէնութիւն ընողները թող ամչնան։ 4Ով Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, Քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ 5Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, Քանզի դուն ես իմ փրկութեանս Աստուածը․ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր։ 6Ով Տէր, քու գթութիւններդ ու ողորմութիւններդ յիշէ, Վասն զի յաւիտենական են։ 7Մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս մի յիշեր, Հապա քու ողորմութիւնովդ զիս յիշէ՝ Քու բարութեանդ համար, ով Տէր։ 8Տէրը և ուղիղ է․ Անոր համար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան։ 9Դատաստանի մէջ պիտի առաջնորդէ հեզերուն, Ու իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ։ 10Տէրոջը բոլոր ճամբաները ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն են Իր ուխտը ու վկայութիւնները պահողներուն։ 11Ով Տէր, քու անուանդ համար Ներէ իմ անօրէնութիւնս, վասն զի մեծ է։ 12Ո՞վ է այն մարդը որ Տէրոջմէն կը վախնայ․ Ահա անոր պիտի սորվեցնէ իր ընտրած ճամբան։ 13Անոր անձը բարութեան մէջ պիտի բնակի, Ու անոր սերունդը երկիրը պիտի ժառանգէ։ 14Տէրոջը ընտանութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է, Ու իր ուխտը անոնց կը սորվեցնէ։ 15Իմ աչքերս ամէն ատեն Տէրոջը կը նային, Վասն զի իմ ոտքերս որոգայթէն ան պիտի հանէ։ 16Ինծի դարձիր ու ողորմէ ինծի, Վասն զի մինակ ու վշտացած եմ։ 17Սրտիս նեղութիւնները շատցան․ Իմ վիշտերէս զիս հանէ։ 18Իմ նեղութեանս ու տառապանքիս նայէ, Ու բոլոր մեղքերս ներէ։ 19Տես իմ թշնամիներս, վասն զի շատցան, Ու անիրաւ ատելութիւնով զիս ատեցին։ 20Պահէ իմ անձս ու փրկէ զիս․ Թող չամչնամ, վասն զի քեզի յուսացայ։ 21Կատարելութիւնը և ուղղութիւնը զիս թող պահեն, Վասն զի քեզի սպասեցի։ 22Ով , փրկէ Իսրայէլը Իր ամէն նեղութիւններէն։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981