Սաղմոսներ

26

Բարի մարդու մը աղօթքը

Սաղմոս Դաւթի

1Ով Տէր, զիս դատէ, Վասն զի իմ անարատութիւնովս քալեցի․ Տէրոջը յուսացայ, պիտի չսասանիմ։ 2Ով Տէր, զիս փորձէ ու քննէ, Փորձէ իմ երիկամունքներս ու սիրտս։ 3Վասն զի քու ողորմութիւնդ իմ աչքերուս առջև է, Ու քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեցի։ 4Ունայն մարդոց հետ չնստայ, Ու կեղծաւորներուն հետ պիտի չխառնուիմ։ 5Չարերուն ժողովքը ատեցի, Ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։ 6Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ, Եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ով Տէր։ 7Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ, Ու քու ամէն սքանչելիքներդ պատմեմ։ 8Ով Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը, Եւ քու փառքիդ կեցած տեղը։ 9Մի կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ, Ու իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոցը հետ, 10Որոնց ձեռքերուն մէջ անօրէնութիւն կայ, Ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է։ 11Բայց ես իմ անարատութիւնովս պիտի քալեմ․ Զիս փրկէ ու ինծի ողորմէ։ 12Իմ ոտքս շիտակութեան մէջ կը կենայ․ Ժողովքներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)