Սաղմոսներ

27

Փառաբանութեան աղօթք մը

Սաղմոս Դաւթի

1Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, Ես որմէ՞ պիտի վախնամ․ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, Ես որմէ՞ պիտի դողամ։ 2Չարերուն իմ մարմինս ուտելու համար ինծի մօտեցած ատենը՝ Իմ նեղիչներս ու թշնամիներս սահեցան ու ինկան։ 3Եթե վրաս զօրքի բանակ ելլէ, Սիրտս պիտի չվախնայ, Եթե վրաս պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ, Անով ալ ես վստահ պիտի ըլլամ։ 4Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն, Ու ասիկա կ’աղաչեմ, Որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու, Ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար։ 5Վասն զի չար օրուան մէջ՝ Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ, Իր վրանին ծածկութովը զիս պիտի ծածկէ․ Վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս։ 6Ու հիմա իմ գլուխս պիտի բարձրանայ Իմ բոլորտիքս եղող թշնամիներուս վրայ․ Ու անոր վրանին մէջ ուրախութեան ձայնով զոհեր պիտի մատուցանեմ․ Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ Տէրոջը։ 7Ով Տէր, ձայնս լսէ կանչելու ատենս, Ու ողորմէ և պատասխան տուր ինծի։ 8Իմ երեսս փնտռեցէք՝ որ ըսիր, Իմ սիրտս քեզի ըսաւ, Քու երեսդ պիտի փնտռեմ, ով Տէր։ 9Քու երեսդ ինծմէ մի ծածկեր, Բարկութիւնով ծառադ մէկդի մի ձգեր, Ինծի օգնական եղար, զիս մի մերժեր, Եւ զիս մի թողուր, ով իմ փրկութեանս Աստուածը։ 10Թէև հայրս ու մայրս զիս թողուն․ Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի։ 11Ով Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր, Ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ թշնամիներուս համար։ 12Զիս իմ թշնամիներուս կամքին մի մատներ, Վասն զի իմ վրաս սուտ վկաներ Ու անիրաւութիւն փչողներ ելան։ 13Հաւատացի Տէրոջը բարութիւնը տեսնելու Կենդանիներուն երկրին մէջ։ 14Տէրոջը սպասէ․ Զօրացիր ու սիրտդ թող զօրանա․ Ալ Տէրոջը սպասէ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981