Սաղմոսներ
28
Աղօթք մը օգնութեան համար
Սաղմոս Դաւթի
1Ով Տէր, քեզի կը կանչեմ․ Ով իմ Վէմս, մի լռեր ինծի․ Չըլլայ որ ինծի լռելովդ Գերեզմանը իջնողներուն նմանիմ։ 2Լսէ իմ խնդրուածքիս ձայնը Երբ քեզի կ’աղաչեմ, Երբ իմ ձեռքերս կը վերցնեմ Դէպ ի քու սուրբ դաբիրդ։ 3Զիս մի կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ, Ու անօրէնութիւն գործողներուն հետ, Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութիւն կը խօսին, Բայց սրտերնուն մէջ չարութիւն կայ։ 4Տուր անոնց իրենց գործերուն պէս, Ու իրենց ըրածներուն չարութեանը պէս․ Իրենց ձեռքերուն գործերուն պէս տուր անոնց, Հատուցում ըրէ անոնց։ 5Որովհետև անոնք Տէրոջը ըրածներուն Ու անոր ձեռքերուն գործերուն մտադրութիւն չեն ըներ, Պիտի կործանէ զանոնք, ու ալ պիտի չշինէ։ 6Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ լսեց իմ աղօթքիս ձայնը։ 7Տէրը իմ զօրութիւնս ու իմ ասպարս է․ Իմ սիրտս անոր յուսացաւ, ու ես օգնութիւն գտայ․ Ուստի սիրտս ուրախացաւ, Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ․ 8Տէրը անոնց ոյժն է, Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։ 9Փրկէ քու ժողովուրդդ, Ու օրհնէ քու ժառանգութիւնդ․ Նաև հովուէ զանոնք ու յաւիտեան բարձրացուր։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981