Սաղմոսներ

29

Տէրոջը ձայնը փոթորիկին մէջ

Սաղմոս Դաւթի

1Տէրոջը տուէք, ով հզօրաց որդիներ, Տէրոջը տուէք ու զօրութիւն։ 2Տէրոջը տուէք իր անուան փառքը, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէք սրբութեան զարդարանքով։ 3Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է, Փառաց Աստուածը կ’որոտայ, Տէրը շատ ջուրերուն վրայ է․ 4Տէրոջը ձայնը ուժով է, Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։ 5Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ, Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղևինները․ 6Զանոնք կը ցաթկեցնէ որթու պէս, Լիբանանը ու Սարիօնը միեղջերուներու ձագին պէս․ 7Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։ 8Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը, Տէրը Կադեսի անապատը կը դողացնէ։ 9Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնեցնէ, Ու անտառները կը մերկացնէ․ Անոր տաճարին մէջ ամէնն ալ կը խօսին անոր փառքը։ 10Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի, Տէրը յաւիտեան թագաւոր կը նստի։ 11Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981