Սաղմոսներ

30

Շնորհակալութեան աղօթք մը

Սաղմոս Դաւթի. տանը նաւակատեաց երգը

1Ով Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, վասն զի զիս ազատեցիր, Ու թշնամիներս իմ վրաս չուրախացուցիր։ 2Ով իմ Տէր Աստուածս, քեզի կանչեցի, Ու զիս բժշկեցիր։ 3Ով Տէր, իմ անձս գերեզմանէն հանեցիր, Գուբը իջնողներուն մէջէն զիս ապրեցուցիր։ 4Սաղմոս երգեցէք Տէրոջը, ով անոր սուրբերը, Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։ 5Վասն զի մէկ րոպէ իր բարկութեանը մէջ է, Բայց իր հաճութեանը մէջ է մեր բոլոր կեանքին ատենը․ Իրիկունը լաց կայ, Բայց առտուն ուրախութիւն։ 6Ես իմ յաջողութեանս մէջ ըսի թէ Յաւիտեան պիտի չսասանիմ։ 7Ով Տէր, քու հաճութիւնովդ իմ լեռս հաստատուն ըրիր․ Երեսդ ծածկեցիր, ու ես խռովեցայ։ 8Ով Տէր, քեզի կը կանչեմ, Ու Տէրոջը աղաչանք կ’ընեմ։ 9Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ Եթե ես գուբը իջնեմ․ Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞, Կամ անիկա պիտի պատմէ՞ քու ճշմարտութիւնդ։ 10Լսէ, ով Տէր, ու ողորմէ ինծի․ Ով Տէր, ինծի օգնական եղիր։ 11Իմ սուգս պարի փոխեցիր, Քուրձս ինծմէ հանեցիր, Եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր․ 12Որպէս զի իմ փառքս սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ։ Ով իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981