Սաղմոսներ
31
Աղօթք մը Աստուծոյ վստահութեան
Գլխաւոր երաժշտին. Սաղմոս Դաւթի
1Ով Տէր, քեզի յուսացայ, Յաւիտեան չամչնամ․ Քու արդարութիւնովդ զիս ազատէ․ 2Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր, Շուտով զիս ազատէ, Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր, Եւ զիս ապրեցնելու համար ապաստանի տուն մը։ 3Վասն զի իմ վէմս ու բերդս դուն ես, Եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։ 4Որոգայթէն զիս հանէ, զոր ինծի համար գաղտուկ լարեր են, Վասն զի իմ զօրութիւնս դուն ես։ 5Իմ հոգիս քու ձեռքդ կը յանձնեմ․ Ով Եհովա Աստուած ճշմարտութեան, դուն զիս փրկեցիր։ 6Սնոտի ունայնութիւններ պահողները ատեցի․ Բայց ես Տէրոջը յուսացայ։ 7Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ և ուրախ ըլլամ․ Վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար, Ու իմ անձս տառապանքներու մէջ գիտցար․ 8Եւ զիս թշնամիին ձեռքը չմատնեցիր, Հապա իմ ոտքերս լայնարձակ տեղ մը կանգնեցուցիր։ 9Ով Տէր, ողորմէ ինծի, վասն զի նեղութեան մէջ եմ․ Սրտնեղութենէ մաշեցաւ իմ աչքս, իմ անձս ու իմ փորս։ 10Վասն զի իմ կեանքս տրտմութենէ՝ Ու տարիներս հառաչանք ընելէ սպառեցան․ Իմ ոյժս թշուառութենէս տկարացաւ, Ոսկորներս ալ մաշեցան։ 11Իմ բոլոր թշնամիներուս, մանաւանդ դրացիներուս, առջև նախատինք եղայ, Ու իմ ծանօթներուս երկիւղ եղայ, Զիս դուրսը տեսնողները ինծմէ կը փախչէին։ 12Մեռածի պէս սրտէ մոռցուած եղայ, Կորսուած ամանի նմանեցայ։ 13Վասն զի շատերու բամբասանքը լսեցի, Չորս կողմս վախ կար, Երբ անոնք ինծի համար մէկտեղ ժողվուեցան, Խորհուրդ կ’ընէին որ հոգիս առնեն։ 14Բայց ես քեզի յուսացայ, ով Տէր․ Ըսի թե Դուն ես իմ Աստուածս, 15Իմ ժամանակներս քու ձեռքդ են․ Փրկէ զիս թշնամիներուս ձեռքէն ու զիս հալածողներէն։ 16Քու ծառայիդ վրայ երեսդ փայլեցուր, Քու ողորմութիւնովդ զիս փրկէ։ 17Ով Տէր, չամչնամ, Վասն զի քեզի կանչեցի․ Ամբարիշտները թող ամչնան, Ու գերեզմանին մէջ թող լուռ կենան։ 18Թող պապանձին ստախօս շրթունքները, Որոնք հպարտութեամբ և նախատինքով Ամբարտաւանութիւն կը խօսին արդարին դէմ 19Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ՝ Զոր քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր, Ու քեզի յուսացողներուն համար ըրիր Մարդոց որդիներուն առջև։ 20Զանոնք քու երեսիդ ծածկոյթովը պիտի ծածկես Մարդոց դաւաճանութիւններէն․ Խորանի մէջ պիտի ծածկես զանոնք Լեզուներուն հակառակութենէն։ 21Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Վասն զի իր ողորմութիւնը զարմանալի ըրաւ ինծի Պարսպաւոր քաղաքի մէջ։ 22Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի թէ Կտրուեցայ ես քու աչքերուդ առջևէն․ Սակայն դուն իմ աղօթքիս ձայնը լսեցիր Երբ քեզի աղաղակեցի։ 23Տէրը սիրեցէք, ով անոր բոլոր սուրբերը, Վասն զի Տէրը հաւատացեալները կը պահէ, Ու ամբարտաւանութիւն ընողներուն առատօրէն հատուցում կ’ընէ։ 24Կտրիճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, Դուք ամէնդ որ Տէրոջը կը յուսաք։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981