Սաղմոսներ
32
Խոստովանութիւն և թողութիւն
Դաւիթի երգը
1Երանի՜ անոր՝ որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ, Ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։ 2Երանի՜ այն մարդուն՝ որ Տէրը անօրէնութիւն չսեպեր անոր, Ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ։ 3Երբ լուռ կեցայ, ոսկորներս մաշեցան Իմ ամէն օր աղաղակելովս․ 4Վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ․ Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ։ (Սէլա։) 5Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի, Ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի․ Ըսի թէ Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս․ Ու դուն թողուցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սէլա։) 6Ասոր համար ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի Քու գտնուելու ժամանակդ․ Արդարև շատ ջուրերուն հեղեղներուն ատենը Անոր պիտի չմօտենան։ 7Դուն ես իմ ապաստանարանս․ Նեղութենէ զիս պիտի պահես․ Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ (Սէլա։) 8Քեզի պիտի սորվեցնեմ, ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի․ Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։ 9Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի ըլլաք, որոնք միտք չունին, Ու իրենց սանձին ու պախուրցին զարդովը կապելու է, որպէս զի քեզի չմօտենան։ 10Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան, Սակայն Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը ողորմութիւնը պիտի պատէ։ 11Ով արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէք ու ցնծացէք, Ցնծութեամբ երգեցէք դուք ամէնդ որ սրտով ուղիղ էք։