Սաղմոսներ
33
Փառաբանութեան երգ մը
1Ով արդարներ, Տէրոջմով ցնծացէք Ուղիղներուն կը վայլէ օրհնութիւն երգել։ 2Գովեցէք Տէրը քնարով, Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս երգեցէք անոր։ 3Նոր երգ մը երգեցէք անոր, Վարպետութեամբ նուագարանները զարկէք ցնծութեան ձայնով։ 4Վասն զի Տէրոջը խօսքը շիտակ է, Ու անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են։ 5Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ․ Տէրոջը ողորմութիւնովը երկիր լեցուն է։ 6Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ, Ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը։ 7Ծովուն ջուրերը դէզի մը պէս* կը ժողվէ, Անդունդները շտեմարաններուն մէջ կը դնէ։ 8Բոլոր երկիր թող Տէրոջմէն վախնայ, Ու անկէ դողան աշխարհի բոլոր բնակիչները։ 9Վասն զի անիկա ըսաւ, ու եղաւ․ Ինք հրամայեց, ու հաստատուեցաւ։ 10Տէրը կը ցրուէ հեթանոսներուն խորհուրդները․ Փուճ կը հանէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները։ 11Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ, Ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչև ազգ։ 12Երանի՜ այն ազգին՝ որուն Աստուածը Տէրն է, Ու այն ժողովուրդին՝ զոր իրեն ժառանգութեան համար ընտրեց։ 13Տէրը երկինքէն կը նայի, Բոլոր մարդոց որդիները կը տեսնէ։ 14Իր բնակութեանը տեղէն Աշխարհի բոլոր բնակիչները կը դիտէ։ 15Անոնց սիրտերը հաւասարապէս ինք ստեղծեց, Անոնց բոլոր ըրածները կ’իմանայ։ 16Թագաւոր մը զօրքի շատութիւնով չազատիր․ Ոչ ալ զօրաւոր մարդ մը ուժի շատութիւնով կը փրկուի։ 17Ձին ազատութեան համար պարապ բան է, Ու իր ուժին շատութիւնովը չկրնար ազատել։ 18Ահա Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն Ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է, 19Անոնց անձը մահուանէ փրկելու Եւ սովի ժամանակ զանոնք ապրեցնելու համար։ 20Մեր անձը Տէրոջը կ’սպասէ․ Մեր օգնութիւնը ու մեր վահանը անիկա է։ 21Վասն զի մեր սիրտերը անով կ’ուրախանան, Քանզի անոր սուրբ անուանը յուսացանք։ 22Ով Տէր, քու ողորմութիւնդ մեր վրայ ըլլայ, Ինչպէս քեզի կը յուսանք։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981