Սաղմոսներ

34

Աստուծոյ բարութեան փառաբանութիւնը

Սաղմոս Դաւթի, այն ատեն որ Աբիմելէքի առջև յիմար ձեւացաւ, ան ալ դուրս ըրաւ զանիկա որ գնաց։

1Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ․ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։ 2Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի․ Խոնարհները պիտի լսեն և ուրախ ըլլան։ 3Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէք, Ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։ 4Տէրը խնդրեցի, ու ինծի պատասխան տուաւ, Եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։ 5Անոր նայեցան ու լոյս առին, Եւ անոնց երեսները չամչցան։ 6Այս աղքատը աղաղակէց, ու Տէրը լսեց անոր, Եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց։ 7Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ, Ու զանոնք կ’ազատէ։ 8Ճաշակեցէք ու տեսէք որ Տէրը է․ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։ 9Տէրոջմէ վախցէք, ով անոր սուրբերը, Վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չըլլար։ 10Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն։ Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։ 11Եկէք, որդիք, մտիկ ըրէք ինծի, Տէրոջը վախը ձեզի սորվեցնեմ։ 12Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ’ուզէ, Ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար։ 13Քու լեզուդ չարութենէ պահէ, Ու շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ։ 14Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ, Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետևէն գնա։ 15Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են, Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։ 16Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է, Անոնց յիշատակը երկրէ բնաջինջ ընելու համար։ 17Արդարները կ’աղաղակեն, ու Տէրը կը լսէ, Ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։ 18Տէրը մօտ է անոնց՝ որոնց սիրտը կոտրած է, Ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։ 19Արդարին նեղութիւնները շատ են, Բայց Տէրը ամէնէն կը փրկէ զանիկա։ 20Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ, Անոնցմէ մէ՛կը չկոտրուիր։ 21Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ, Ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։ 22Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ, Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981