Սաղմոսներ

36

Մարդուն չարութիւնը

Գլխաւոր երաժշտին։ Սաղմոս Դաւթի, Տէրոջը ծառային։

1Ամբարշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է․ Աստուծոյ վախը չկայ անոր աչքերուն առջև։ 2Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջև՝ Իր անօրէնութեանը գտնուելուն ու ատելի ըլլալուն վրայով։ 3Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են․ Բարին ընելու համար իմաստուն ըլլալը մէկդի ձգեց։ 4Իր անկողինին մէջ անօրէնութիւն կը մտածէ, Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մէջ որ աղէկ չէ, Եւ չարէն չզզուիր։ 5Ով Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչև երկինք կը հասնի, Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչև ամպերը։ 6Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է, Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է․ Մարդիկը ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ով Տէր։ 7Ով , ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ, Որ մարդոց որդիները քու թևերուդ հովանաւորութեանը կապաւինին։ 8Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանան, Ու քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։ 9Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է․ Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։ 10Քու գթութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ, Ու քու արդարութիւնդ սրտով ուղիղներուն։ 11Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայ, Ու չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։ 12Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները․ Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981