Սաղմոսներ

37

Չարին ու բարիին վիճակը

Սաղմոս Դաւթի։

1Չարերուն համար մի նեղանար, Անօրէնութիւն գործողներուն մի նախանձիր․ 2Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին, Ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։ 3Տէրոջը յուսա ու բարութիւն ըրէ, Երկրին վրայ բնակէ ու ճշմարտութեան մէջ արածուէ, 4Ու Տէրոջմով ուրախացիր․ Եւ անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։ 5Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ, Ու անոր յուսա, և անիկա պիտի կատարէ, 6Ու դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէս, Ու քու իրաւունքդ կէսօրուան պէս։ 7Տէրոջը համբերէ ու անոր սպասէ, Եւ մի նեղանար իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին համար, Ու խաբէութիւն ընող մարդուն համար։ 8Դադարէ բարկութենէ, ու սրդողիլը վերջ ըրէ․ Մի նեղանար, որ չարութիւն ընես։ 9Վասն զի չարագործները պիտի կորսուին, Սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ 10Վասն զի քիչ ժամանակէ ետև ամբարիշտը պիտի չըլլայ, Եւ անոր տեղը պիտի փնտռես, ու ինք պիտի չգտնուի։ 11Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը, Ու խաղաղութեան առատութիւնովը ուրախ պիտի ըլլան։ 12Մեղաւորը արդարին դէմ չար կը խորհի, Ու անոր վրայ ակռաները կը կրճտէ։ 13Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանիկա, Վասն զի անոր օրը հասնելու վրայ կը տեսնէ։ 14Մեղաւորները թուր քաշեցին, Ու աղեղնին լարեցին՝ Աղքատը ու տնանկը վար ձգելու համար, Շիտակ ճամբու մէջ քալողները* սպաննելու համար։ 15Անոնց թուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէ, Ու անոնց աղեղները պիտի կոտրտին։ 16Արդարին քիչ բանը Շատ ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է։ 17Վասն զի ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին, Բայց արդարներուն ապաւէնը Տէրն է։ 18Արդարներուն օրերը գիտէ Տէրը, Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ․ 19Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնան, Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։ 20Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուին, Ու Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին* պէս պիտի սպառին, Մուխի պէս պիտի սպառին։ 21Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ ու չվճարեր, Սակայն արդարը կ’ողորմի ու կու տայ։ 22Վասն զի անոր օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը, Բայց անկէ անիծուածները պիտի կորսուին։ 23 մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին, Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։ 24Թէև իյնայ, պիտի չկործանի, Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը կը բռնէ։ 25Տղայ էի ու ծերացայ, Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, Կամ անոր զաւակը մուրացող։ 26Ամէն օր կողորմի ու փոխ կու տայ․ Եւ անոր սերունդը օրհնուած է։ 27Չարութենէ ետ կեցիր ու բարութիւն ըրէ, Եւ յաւիտեան պիտի մնաս․ 28Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքը, Եւ իր սուրբերը երեսէ չձգեր․ Յաւիտեան կը պահուին անոնք․ Բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։ 29Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը, Ու յաւիտեան անոր վրայ պիտի բնակին։ 30Արդարին բերանը իմաստութիւն կը խօսի, Ու անոր լեզուն կը զրուցէ։ 31Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ է, Եւ անոր քայլերը պիտի չսահին։ 32Մեղաւորը արդարը կը դիտէ, Եւ զանիկա մեռցնելու ետևէ կ’իյնայ: 33Տէրը անոր ձեռքը պիտի չձգէ զանիկա, Եւ անոր դատաստանը տեսնուած ատեն պիտի չդատապարտէ զանիկա։ 34Տէրոջը համբերէ ու անոր ճամբան պահէ, Եւ անիկա քեզ կը բարձրացնէ որպէս զի երկիրը ժառանգես․ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։ 35Ամբարիշտը զօրացած տեսայ, Ու իր տեղը կեցող կանանչ ծառի մը պէս տարածուած․ 36Բայց ան անցաւ, ու ահա չկար․ Եւ զանիկա փնտռեցի, բայց չգտնուեցաւ։ 37Արդարը նկատէ և ուղիղին նայէ․ Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ։ 38Իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին․ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ։ 39Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։ 40Ու Տէրը պիտի օգնէ անոնց և պիտի ազատէ զանոնք․ Ամբարիշտներէն պիտի ազատէ, Ու պիտի փրկէ զանոնք, վասն զի անոր կը յուսան։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981