Սաղմոսներ

38

Տառապող մարդու մը աղօթքը

Սաղմոս Դաւթի։ Յիշատակի համար։

1Ով Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի յանդիմաներ, Ու բարկութիւնովդ զիս մի խրատեր։ 2Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցան, Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս կ’իջնէ։ 3Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ քու բարկութեանդ համար, Ու ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս համար։ 4Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան․ Ծանր բեռի պէս իմ վրաս* ծանրացած են։ 5Վէրքերս հոտեցան ու փտեցան Իմ յիմարութեանս պատճառաւ։ 6Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ․ Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ․ 7Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցան, Ու մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։ 8Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ․ Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։ 9Ով Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջևդ է, Ու իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։ 10Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս զիս թող տուաւ, Ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։ 11Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքէս հեռու կը կենան, 12Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն, Ու ինծի չարիք ուզողները անօրէնութիւն կը խօսին, Եւ ամէն օր նենգութիւն կը մտածեն։ 13Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր, Ու բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։ 14Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ որ չլսեր, Ու հակառակ չկայ իր բերանը։ 15Վասն զի, ով Տէր, ես քեզի կը յուսամ․ Դուն պիտի պատասխանես, ով իմ Տէր Աստուածս։ 16Վասն զի ըսի, Թող չխնդան իմ վրաս, Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ զիրենք կը մեծցնեն։ 17Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմ, Ու իմ ցաւս ամէն ատեն առջևս է։ 18Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմ, Ու մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։ 19Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան․ Զիս զուր տեղը ատողները շատցան․ 20Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները Ինծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետևէ կ’երթամ։ 21Զիս մի թողուր, ով Տէր, Ով իմ Աստուածս, ինծմէ մի հեռանար։ 22Ինծի օգնութիւն ընելու արտորցիր, Ով Տէր, իմ փրկութիւնս։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981