Սաղմոսներ
39
Տառապող մարդու մը խոստովանութիւնը
Գլխաւոր երաժշտին Իգիթունի․ Սաղմոս Դաւթի։
1Ըսի թէ ճամբաներուս զգուշութիւն ընեմ, Որպէս զի լեզուովս մեղք չգործեմ․ Բերանս սանձով պահեմ՝ Ամբարիշտին իմ առջևս եղած ատենը։ 2Մունջ եղայ լռութիւնով, Աղէկութեան վրայով ալ լռեցի, Ու ցաւս շարժեցաւ։ 3Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս․ Ջերմութեանս մէջ կրակ վառեցաւ․ Այն ատեն լեզուովս խօսեցայ։ 4Ցուցուր ինծի, ով Տէր, իմ վերջս, Եւ օրերուս չափը ո՛րչափ է, Որպէս զի գիտնամ թէ ի՛նչպէս անցաւոր եմ։ 5Ահա իմ օրերս թիզերու չափ դրիր, Ու իմ կեանքս ոչնչի պէս է քու առջևդ․ Իրաւ ամէն մարդ թէև հաստատուած ըլլայ, Բայց բոլորովին ունայնութիւն է։ (Սէլա։) 6Արդարև մարդը ստուերի մը պէս կը պտըտի, Արդարև փուճ տեղը անհանգիստ կ’ըլլայ․ Կը դիզէ բայց չգիտեր թէ ո՛վ պիտի առնէ զանոնք։ 7Ու հիմա ի՞նչ բանի սպասէմ, ով Տէր․ Իմ յոյսս քեզի է․ 8Փրկէ զիս իմ բոլոր յանցանքներէս, Զիս յիմարներուն նախատինք ըլլալու մի դներ։ 9Մունջ եղայ ու բերանս չբացի, Վասն զի դուն ըրիր։ 10Քու հարուածդ հեռացուր ինծմէ, Ձեռքիդ զարնելովը ես կորսուեցայ։ 11Անօրէնութեան համար յանդիմանութիւններով կը խրատես մարդը, Ցեցի մը պէս կը հալեցնես անոր ցանկալի բաները․ Իրաւ ամէն մարդ ունայնութիւն է։ (Սէլա։) 12Ով Տէր․ լսէ իմ աղօթքս, ու ականջ դիր աղաղակիս, Արցունքներուս մի լռեր․ Վասն զի քու առջևդ պանդուխտ մըն եմ ես, Հիւր մը՝ իմ բոլոր նախատինքներուս պէս։ 13Թոյլտուութիւն ըրէ ինծի որ զուարթանամ, Քանի որ չեմ գացեր այն տեղը՝ որ ալ պիտի չգտնուիմ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981