Սաղմոսներ
4
Երեկոյեան աղօթք օգնութեան համար
Գլխաւոր երաժշտին, Նկինօթի վրայ. Սաղմոս Դաւթի։
1Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ով իմ արդարութեանս Աստու-ածը․ Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր․ Ողորմէ ինծի ու լսէ իմ աղօթքս։ 2Մարդոց որդիներ, մինչև ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք, Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։) 3Բայց գիտցէք որ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց․ Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։ 4Դողացէք ու մեղք մի գործէք․ Խօսեցէք սիրտերնուդ հետ անկողիններնուդ վրայ ու լռեցէք։ (Սէլա։) 5Արդարութեան զոհեր մատուցէք, Ու Տէրոջը յուսացէք։ 6Շատերը կ’ըսեն թէ Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ, Ով Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագէ։ 7Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝ Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։ 8Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, Վասն զի դուն միայն, ով Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։