Սաղմոսներ

40

Փառաբանութեան երգ մը

Գլխաւոր երաժշտին։ Սաղմոս Դաւթի։

1Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, Ու ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս․ 2Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն, հանեց, Ու ոտքերս վէմի վրայ ամուրցուց ու քալուածքս հաստատեց․ 3Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, Մեր Աստուծոյն գովութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան, Ու Տէրոջը պիտի յուսան։ 4Երանի՜ այն մարդուն՝ որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ, Ու չնայիր հպարտներուն ու ստութեան դարձողներուն։ 5Շատ են սքանչելիքներդ զորոնք դուն ըրեր ես, Ով իմ Տէր Աստուածս, Ու մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ Մէ՛կը չկրնար կարգաւ պատմել քու առջևդ․ Պիտի պատմէի ու խօսէի, Բայց համրանքէն աւելի շատ են։ 6Զոհի ու ընծայի չհաւնեցար, Հապա իմ ականջներս բացիր․ Ողջակէզ ու մեղքի չպահանջեցիր։ 7Այն ժամանակ ըսի թէ Ահա կու գամ ես․ Գիրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է, 8Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարելու փափաքեցայ, Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է։ 9Արդարութիւն քարոզեցի շատուոր ժողովքի մէջ․ Ահա շրթունքներս չարգիլեցի․ Ով Տէր, դուն գիտես։ 10Սրտիս մէջ գաղտուկ չպահեցի քու արդարութիւնդ, Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի․ Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ շատուոր ժողովքէն չծածկեցի։ 11Դուն, ով Տէր, քու գթութիւնդ ետ մի պահեր ինծմէ․ Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ պաշտպանեն զիս։

Աղօթք մը օգնութեան համար

12Վասն զի անթիւ չարիքներ զիս պատեցին․ Անօրէնութիւններս ինծի հասան, ու ես չեմ կրնար տեսնել․ Գլխուս մազէն շատ են, ու սիրտս զիս թողուց։ 13Ով Տէր, զիս փրկելու կամք ըրէ․ Ով Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։ 14Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները՝ զանիկա կորսնցնելու համար․ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարութիւն ուզողները։ 15Թող ամչնալով կործանին Անոնք որ ինծի Վա՜շ վա՜շ կ’ըսեն։ 16Ամէն քեզ փնտռողները Քեզմով թող ցնծան և ուրախանան․ Քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն, Տէրը մեծանայ։ 17Բայց ես ու տնանկ եմ, Սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի․ Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես, Ով իմ Աստուածս, մի ուշանար։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)