Սաղմոսներ

41

Հիւանդի մը աղօթքը

Գլխաւոր երաժշտին։ Սաղմոս Դաւթի։

1Երանի՜ անոր որ աղքատին հոգ կը տանի․ Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։ 2Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա, Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ․ Ու թշնամիներուն կամքին պիտի չմատնես զանիկա, 3Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողինին մէջ․ Անոր ամէն անկողինը պիտի դարձնես անոր հիւանդութեան ատենը։ 4Ես ըսի, Ով Տէր, ողորմէ ինծի, Բժշկէ իմ անձս, վասն զի ես քեզի դէմ մեղանչեցի։ 5Թշնամիներս գէշ կը խօսին իմ վրայովս․ Ըսելով թէ Ե՞րբ պիտի մեռնի ու անունը կորսուի։ 6Եթե մէկը ինծի գալու ըլլայ տեսնելու համար, ունայնութիւն կը խօսի․ Իր սիրտը անօրէնութիւն կը ժողվէ իրեն համար, Որպէս զի դուրս ելլելով զրուցէ։ 7Ինծի դէմ մէկտեղ կը փսփսան ամէն զիս ատողները, Իմ վրայովս չարութիւն կը խորհին․ 8Կ’ըսեն թէ Չարութեան բան մը անոր վրայ թափեցաւ․ Ու հիմա որ պառկած է, ալ պիտի չելլէ։ 9Մինչև անգամ իմ բարեկամս՝ որու ապաւիներ էի, Իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց։ 10Սակայն, ով Տէր, դուն ողորմէ ինծի ու կանգնեցուր զիս, Ու ես փոխարէնը տամ անոնց։ 11Ասկէ գիտեմ որ ինծի կը հաւնիս, Որ թշնամիս իմ վրաս չպարծենար։ 12Եւ զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահես, Ու յաւիտեան զիս քու առջևդ կը կայնեցնես։ 13Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ու ամէն։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)