Սաղմոսներ

42

Տարագիրի մը աղօթքը

Գլխաւոր երաժշտին։ Կորխի որդիներուն երգը։

1Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներուն կը փափաքի, Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ով ։ 2Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն․ Ե՞րբ պիտի գամ ու երևնամ Աստուծոյ առջև։ 3Ցորեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի եղան․ Որովհետև ամէն օր ինծի կ’ըսեն թէ Ո՞ւր է քու Աստուածդ։ 4Այս բաները միտքս կը բերեմ, Ու հոգիս կը թափեմ իմ ներսիդիս, Փափաքելով որ բազմութեան հետ երթամ, Անոնց հետ հանդէսով Աստուծոյ տունը մտնեմ Ուրախութեան ու օրհնութեան ձայնով, Տօնախմբող բազմութեան հետ։ 5Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ով իմ հոգիս․ Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես, Աստուծոյ յուսա։ վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ, Իր երեսին փրկութեանը համար։ 6Ով իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ։ Անոր համար քեզ կը յիշեմ Յորդանանու երկրէն Ու Հերմոններէն ու Փոքր լեռնէն։ 7Անդունդը անդունդին կը կանչէ քու յորձանքներուդ ձայնովը, Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան։ 8Ցորեկը Տէրը պիտի պատուիրէ իր ողորմութեանը, Ու գիշերը իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ։ Ու աղօթքս իմ կեանքիս Աստուծոյն ըլլայ։ 9Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, իմ Վէմիս, Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես, Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ Թշնամիին հարստահարութենէն։ 10Ոսկորներս կոտրտելու չափ թշնամիներս զիս կը նախատեն՝ Ամէն օր ինծի ըսելով թէ Ո՞ւր է քու Աստուածդ։ 11Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ով իմ հոգիս․ Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես, Աստուծոյ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ․ Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981