Սաղմոսներ
43
Տարագիրի մը աղօթքը
1Ինծի դատաստան ըրէ, ով Աստուած, ու իրաւունքս պաշտպանէ Սուրբ չեղող ազգէն․ Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ։ 2Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը․ Ինչո՞ւ զիս կը մերժես, Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ Թշնամիին հարստահարութենէն։ 3Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, Անոնք առաջնորդեն ինծի, ու զիս հանեն Քու սուրբ լեռդ ու քու բնակարաններդ։ 4Ու Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ, Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջև․ Ու քեզ քնարով պիտի գովեմ, Ով Աստուած, իմ Աստուածս։ 5Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ով իմ հոգիս, Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես, Աստուծոյ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ, Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981