Սաղմոսներ
44
Աղօթք մը պաշտպանութեան համար
Գլխաւոր երաժշտին․ Կորխի որդիներուն երգը։
1Ով Աստուած, մեր ականջներովը լսեցինք, Հայրերնիս մեզի պատմեցին Այն գործը զոր անոնց օրերը գործեցիր Առաջուան ժամանակը։ 2Դուն քու ձեռքովդ հեթանոսները քշեցիր, Ու զանոնք տնկեցիր։ Չարչարեցիր ժողովուրդները, Ու տարածեցիր զանոնք։ 3Քանզի ոչ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրը, Ու ոչ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց, Հապա քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ և քու երեսիդ լոյսը․ Վասն զի անոնց հաճեցար։ 4Դուն ինքդ ես իմ Թագաւորս, ով Աստուած․ Հրաման տուր Յակոբի փրկութիւններուն համար։ 5Քեզմով թշնամիներնիս գետինը պիտի զարնենք․ Մեր վրայ ելլողները քու անունովդ ոտքի տակ պիտի առնենք։ 6Վասն զի աղեղիս չեմ յուսար, Ու թուրս զիս չկրնար ազատել․ 7Հապա դուն մեզ կը փրկես մեր թշնամիներէն, Ու մեզ ատողները ամօթով կ’ընես։ 8Ամէն օր Աստուծով կը պարծենանք, Ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք։ (Սէլա։) 9Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակ ըրիր, Ու մեր զօրքերուն հետ չելար։ 10Թշնամիէն մեզ ետ դարձուցիր, Ու մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին իրենց համար։ 11Մեզ ոչխարի պէս ուտուելու տուիր, Ու հեթանոսներուն մէջ մեզ ցրուեցիր։ 12Քու ժողովուրդդ ոչինչ գնով ծախեցիր, Ու չաւելցուցիր քու հարստութիւնդ անոնց գիներովը։ 13Դրացիներնուս առջև մեզ խայտառակ ըրիր, Մեր բոլորտիքը եղողներուն ծաղր ու կատակ։ 14Մեզ հեթանոսներուն մէջ առակ ըրիր, Ու ժողովուրդներուն մէջ գլուխ երերցնելու պատճառ։ 15Ամէն օր իմ նախատինքս առջեւս է, Ու երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ 16Նախատողին ու հայհոյողին ձայնէն, Թշնամիին ու վրէժխնդրին երեսէն։ 17Այս ամէնը մեր վրայ եկաւ, Սակայն մենք քեզ չմոռցանք և քու ուխտիդ սուտ չելանք․ 18Սիրտերնիս ետ չդարձան, Ու քալուածքնիս քու ճամբայէդ դուրս չելան․ 19Թէպէտ չագալներուն եղած տեղը մեզ ճզմեցիր, Ու մահուան ստուերովը մեզ ծածկեցիր։ 20Եթէ մեր Աստուծոյն անունը մոռցեր ենք, Կամ օտար աստուծոյ ձեռքերնիս երկնցուցեր ենք, 21Միթէ Աստուած այս բանը պիտի չփնտռէ՞․ Որովհետև ինք սրտին գաղտնիքները գիտէ։ 22Բայց ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք, Մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք։ 23Արթնցիր, ով Տէր, ինչո՞ւ կը քնանաս․ Ելիր, մի մերժեր մեզ յաւիտեան։ 24Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես, Մեր տրտմութիւնը ու տառապանքը կը մոռնաս։ 25Վասն զի մեր անձը մինչև հողը ծռեցաւ, Մեր փորը գետինը փակաւ։ 26Ելիր մեր օգնութեանը, Ու ազատէ մեզ քու ողորմութեանդ համար։