Սաղմոսներ

45

Երգ թագաւորական հարսանիքի մը

Գլխաւոր երաժշտին, Շօշանիմի վրայ,

Կորխի որդիներուն քերթուածը։ Երգ սիրոյ։

1Իմ սրտէս կը բղխի․ Շարադրածս թագաւորին համար կը խօսիմ, Իմ լեզուս արագագիր դպիրին գրչին պէս է։ 2Դուն մարդոց որդիներէն աւելի գեղեցիկ ես, Քու շրթունքներուդ վրայ շնորհք թափուած է․ Անոր համար քեզ օրհնեց յաւիտեան։ 3Ով Հզօր, թուրդ մէջքդ կապէ Քու փառքովդ ու վայելչութիւնովդ։ 4Ու քու վայելչութիւնովդ յաջողուէ․ Ճշմարտութեան ու հեզութեան և արդարութեան համար հեծիր․ Ու քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ։ 5Քու նետերդ սրուած են, Ու թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են․ Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։ 6Ով Աստուած, քու աթոռդ յաւիտեանս յաւիտենից է, Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է․ 7Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ’ատես․ Անոր համար, ով Աստուած, քու Աստուածդ Ուրախութեան իւղով քեզ օծեց քու ընկերներէդ աւելի։ 8Քու բոլոր հանդերձներդ ու հալուէ և կասիա կը հոտին, Փղոսկրէ պալատներէն նուագարաններուն լարերը* քեզ ուրախացուցին։ 9Թագաւորներուն աղջիկները քու պատուականներուդ մէջ են․ Թագուհին քու աջ կողմդ կը կանգնի Ոփիրի ոսկիով զարդարուած ։ 10Ով աղջիկ, լսէ ու տես, և քու ականջդ ծռէ․ Մոռցիր քու ժողովուրդդ ու քու հօրդ տունը։ 11Այն ատեն թագաւորը պիտի ցանկայ քու գեղեցկութեանդ, Վասն զի ան է քու տէրդ, ու անոր երկըրպագութիւն ըրէ։ 12Եւ Տիւրոսի աղջիկը ու ժողովուրդին հարուստները Ընծայով պիտի խնդրեն քու երեսդ։ 13Թագաւորին աղջիկը բոլորովին փառաւոր է ներսը, թելով հիւսուած է իր հանդերձը։ 14Նկարակերպած հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին․ Անոր ետևէն եկող աղջիկ ընկերները քեզի պիտի բերուին։ 15Ցնծութիւնով և ուրախութիւնով պիտի բերուին, Թագաւորին պալատը պիտի մտնեն։ 16Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան․ Բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք։ 17Քու անունդ հռչակել պիտի տամ ազգէ մինչև ազգ․ Անոր համար ժողովուրդները քեզ պիտի գովեն յաւիտեանս յաւիտենից։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)