Սաղմոսներ

47

Գերագոյն իշխողը

Գլխաւոր երաժշտին․ Կորխի որդիներուն Սաղմոսը։

1Ծափ զարկէք, ամէն ժողովուրդներ, Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէք։ 2Վասն զի Տէրը Բարձրեալ և Ահարկու է․ Բոլոր երկրի վրայ մեծ Թագաւոր է։ 3Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ, Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ։ 4Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը, Յակոբի փառասիրութիւնը՝ զոր ինք սիրեց։ (Սէլա։) 5 ցնծութիւնով վեր ելաւ, Տէրը՝ փողի ձայնով։ 6Սաղմոս երգեցէք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէք․ Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին, սաղմոս երգեցէք․ 7Վասն զի բոլոր երկրի վրայ Թագաւոր Աստուած է․ Երգ երգեցէք անոր։ 8Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ, Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։ 9Ժողովուրդներուն իշխանները ժողվուեցան Աբրահամի Աստուծոյն ժողովուրդին հետ․ Վասն զի երկրի ասպարները Աստուծոյն են․ Ինք խիստ բարձրացած է։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981