Սաղմոսներ
48
Սիօն, Աստուծոյ քաղաքը
Կորխի որդիներուն երգը ու Սաղմոսը։
1Տէրը մեծ է ու խիստ օրհնեալ է Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ, Իր սուրբ լեռանը վրայ։ 2Գեղեցիկ բարձրութիւնով, Բոլոր երկրի ուրախութիւնը Հիւսիսային կողմերը եղող Սիօն լեռն է, Մեծ Թագաւորին քաղաքը։ 3Աստուած անոր պալատներուն մէջ Ապաւէն գիտցուած է։ 4Վասն զի ահա թագաւորները ժողվուեցան, Ու մէկտեղ անցան։ 5Անոնք տեսածնուն պէս զարմացան․ Զարհուրեցան ու շուտով փախան։ 6Հոն դողումը բռնեց զանոնք, Ու ցաւը՝ զաւակ ծնանողի ցաւի պէս։ 7Արևելեան հովով Թարսիսի նաւերը կը խորտակես։ 8Ինչպէս լսեցինք, այնպէս ալ տեսանք Զօրութեանց Տէրոջը քաղաքին մէջ, Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ․ Աստուած զանիկա պիտի հաստատէ յաւիտեան։ (Սէլա։) 9Ով Աստուած, քու ողորմութեանդ վրայ կը մտածենք Քու տաճարիդ մէջ։ 10Քու գովութիւնդ, ով Աստուած, Քու անուանդ պէս մինչև երկրի ծայրերն է․ Արդարութիւնով լեցուն է քու աջ ձեռքդ։ 11Սիօն լեռը թող ուրախանայ, Ու Յուդայի աղջիկները թող ցնծան Քու դատաստաններուդ համար։ 12Սիօնի չորս կողմը պտըտեցէք, Ու անոր բոլորտիքը շարուեցէք Ու աշտարակները համրեցէք․ 13Ուշադրութեամբ դիտեցէք անոր պարիսպները, Անոր պալատները զննեցէք, Որպէս զի գալու ազգին պատմէք։ 14Վասն զի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից․ Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչև ի մահ։