Սաղմոսներ
49
Հարստութեան վստահելու յիմարութիւնը
Գլխաւոր երաժշտին, Կորխի որդիներուն Սաղմոսը։
1Լսեցէք ասիկա, ով բոլոր ազգեր, Ականջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ, 2Ռամիկներ ու ազնուականներ, Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։ 3Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսի, Ու սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։ 4Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ․ Խրթնաբանութիւնս քնարով պիտի բանամ։ 5Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերուն մէջ, Երբ դարանակալներուն անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։ 6Իրենց զօրութեանը յուսացողներուն Ու իրենց հարստութեանը շատութիւնովը պարծողներուն 7Մէկը բնաւ չկրնար փրկել իր եղբայրը, Ոչ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել․ 8(Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, Ու յաւիտեան պիտի դադարի։) 9Որպէս զի ալ ապրի յաւիտեան, Ու ապականութիւն չտեսնէ։ 10Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին, Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուին, Ու իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։ 11Անոնց խորհուրդը այս է թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնան, Ու իրենց բնակարանները ազգէ մինչև ազգ․ Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։ 12Բայց մարդը պատուոյ մէջ չմնար, Անասուններուն նման է որոնք կը կորսուին։ 13Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է, Սակայն անոնց ետևէն եկողները անոնց խօսքին հաճութիւն պիտի տան։ (Սէլա։) 14Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը կը դրուին, Մահը պիտի հովուէ զանոնք, Եւ ուղիղները անոնց վրայ պիտի տիրեն առտուանց․ Ու անոնց դէմքը գերեզմանը պիտի մաշեցնէ իրենց բնակարանէն։ 15Սակայն Աստուած գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկէ իմ անձս, Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։) 16Մի վախնար երբ մարդ մը հարստանայ, Ու անոր տանը փառքը շատնայ․ 17Վասն զի մեռնելու ատենը ամենևին բան մը իրեն հետ պիտի չառնէ, Ու իր փառքը իր ետևէն պիտի չիջնէ։ 18Թէպէտև իր անձը օրհնեց իր կենդանութեան ատենը, (Ու քեզ կը գովեն երբ դուն քու անձիդ աղէկութիւն կ’ընես,) 19Սակայն իր նախնիքներուն ազգին պիտի երթայ․ Մինչև յաւիտեան լոյս պիտի չտեսնեն։ 20Մարդը որ պատուոյ մէջ է ու իմաստութիւն չունի, Անասուններուն կը նմանի որոնք կը կորսուին։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981